Տոքթ․ Ուիլիըմ Պէքեարեան

Տոքթ․ Ուիլիըմ Պէքեարեան, Այնթապէն սերած գիտնական

Կենսագրութիւն[Խմբագրել | Խմբագրել աղբիւրը]

Համաշխարհային հռչակի տէր Տոքթ․ Ուիլիըմ Պէքեարեան (Շահէ Արքեպիսկոպոսին քրոջ որդին), որ թիւ Չորսի (Փոյնթ Ֆոր – Չորրորդ կէտ) կարող մասնագէտներէն մէկն է: Ան Պէյրութ կը ժամանէ եւ կը ստանձնէ «թիւ Չորս»-ի Ճարտարարուեստական եւ Փոխադրական գրասենեակի պետի պաշտօնը։

Տոքթ․ Պէքեարեան գիտնական մըն է, որուն հռչակը տարածուած է Մեծն Բրիտանիոյ եւ Միացեալ Նահանգներու մէջ։ Ծնած է Պոսթոն, Մէսէչուսից: Ան սահուն կերպով կը խօսի հայերէն, թրքերէն եւ անգլերէն։

Ան վկայուած է «Մէսէչուսից Ինսթիթիւթ աֆ Թէքնոլոճի» համալսարանէն, Գիտութեանց Պսակաւորի աստիճանով: Միշիկընի Համալսարանէն ստացած է Վարդապետ գիտութեանց տիտղոսը տարրարանական եւ ելեկտրական բնագիտութեան մէջ։ Ապա վկայուած է «Եէյլ» համալսարանէն, Բնագիտութեան եւ Բնագիտական Մետաղագիտութեան Տոքթորի տիտղոսը ստանալով։ «Եէյլ» համալսարանի մէջ ուսած է Տով Քըմիքընիի յառաջադէմ ուսանողներու յատկացուած թոշակով։

Իր ուսումը «Եէյլ» համալսարանին մէջ աւարտելէ ետք, Տոքթ․ Պէքեարեան նախ որպէս գիտուն եւ ապա մետաղներու զարգացման իբր Դեր-Տնօրէն պաշտօնի հրաւիրուեցաւ Տով Քըմբընիի մէջ։

1942-ին ան մաս կազմեց Ամերիկեան Օդուժի Ուաշինկթընի թեթեւ մետաղներու պատրաստութեան խորհուրդին։ Ան մասնակցեցաւ անդրծովեան կարգ մը ուսումասիրութեանց եւ պատերազմական նախարարութեան համար հեղինակեց մասնագիտական արտադրութեանց վերաբերեալ երեք գիրքեր, որոնց համար ստացաւ «Արժանեաց Լէգէոն»-ի շքանշանը։ Համաշխարհային Բ․ Պատերազմէն ետք, Տոքթ․ Պէքեարեան վերադարձաւ Տով Քըմբընիի իր պաշտօնին եւ ստանձեց օդանաւերու մեքենագիտական ճիւղին պետի պաշտօնը։

1949-ին, իր քանի մը ընկերներուն հետ, Լոնտոնի եւ Լիվըրփուլի մէջ հաստատեց «Ալմակ Էնճինիրինկ Քըմբընի Լիմիթըտ»-ը, որուն գործարանները կը պատրաստեն տնական առարկաները, նոյն ընկերութեան գործարանները իրենց մասնաւոր բաժիններուն մէջ կը հայթայթեն զանազան արտադրութիւններ, որոնք անհրաժեշտ են Բրիտանական Ծովակալութեան, օդանաւորդութեան եւ շատ մը ճարտարարուեստներու համար։ Ան տնօրէնը եղած է յիշեալ ընկերութեան։

Աղբիւր[Խմբագրել | Խմբագրել աղբիւրը]

Պատմութիւն Այնթէպի Հայոց, Բ․ հատոր