Ուիքիփետիա:Ամսուան Յօդուածը/05-2024

Արշիլ Կորքի, աւազանի անունով՝ Ոստանիկ Ատոյեան (15 Ապրիլ, 1904 - 21 Յուլիս, 1948), ամերիկահայ գեղանկարիչ։

Կորքի հիմնական դեր ունեցած է գեղանկարչութեան վերացական արտայայտչապաշտ ուղղութեան վրայ։

Ռոթքոյի, Ճեքսըն Փոլոքի եւ Ուիլիըմ տը Քունինկի հետ միասին, Կորքի հռչակուած եւ ընդունուած է իբրեւ Ի. դարու ամերիկացի ամէնէն ազդեցիկ նկարիչ-գծագրիչներէն մէկը։

Անոր գործերը Հայոց ցեղասպանութեան ընթացքին իր ապրած տառապանքին եւ կրած կորուստներուն ազդեցութիւնը կը կրեն։

Ոստանիկ Ատոյեան (Մանուկ) ծնած է 1902-1904, Վանի մօտակայքը գտնուող Խորխոմ գիւղը, Վանայ լիճի ափին՝ ըլլալով ծնողներու Բ. ամուսնութեան երկրորդ զաւակը։

Հայրը`Սեդրակ, երեսունի վերջերուն, ագարակապան եւ ձեռներէց մարդ էր, այրի՝ մէկ զաւակով: Մայրը՝ Շուշան, տասնվեց տարեկան, նոյնպէս այրի էր, ամուսինը կորսնցուցած՝ 1896-ի ջարդերուն․․․ Աւելին