Ուիքիփետիա:Ամսուան Իրադարձութիւնները/05-2024

  • 30 տարի առաջ` Մայիս 1-ին, Այրթոն Սեննա 200 քմ արագութեան վրայ պատին զարնուելով կորսնցուց իր կեանքը` Իմոլայի կրան փրիին: Սեննայի մահուան ձգած բացը տակաւին զգալի է մինչեւ օրս:
  • Լոնտոնի Բանաւոր պատմութեան ընկերակցութեան կազմակերպութեամբ, Ապրիլ 30-ին ցուցադրուեցաւ շուէտահայ լրագրող, հրապարակախօս, վաւերագրական ֆիլմերու հեղինակ եւ բեմադրիչ Սիւզան Խարտալեանի «Իր մէջ` իմ մէջ» փաստավաւերագրական ժապաւէնը («Inside Her Inside Me, A Tale of Three Yazidi Women»)։
  • «Հայոց ցեղասպանութիւնը եւ հայ որբերը» հատորին շնորհահանդէսը կատարուեցաւ Հայոց ցեղասպանութեան որբերու «Արամ Պէզիքեան» թանգարանի յարկին տակ` ներկայութեամբ Մեծի Տանն Կիլիկիոյ կաթողիկոսութեան «Կիլիկիա վերլուծական հարթակ»-ին կազմակերպած «Արցախի իրաւունքներու վերականգնումի հրամայականը ընդդէմ Ազրպէյճանի ցեղասպանական քաղաքականութեան» խորագրեալ համագումարի մասնակիցներուն եւ «Թռչնոց բոյն»-ի խնամակալութեան ու տեսչութեան: