Յակոբ Նալպանտեան

Յակոբ Նալպանտեան, Այնթապէն սերած երաժիշտ

Կենսագրութիւն[Խմբագրել | Խմբագրել աղբիւրը]

Ծնած է Այնթէպ 1901֊ին։ Իր նախնական ուսումը ստացած է Վարդանեան Կրթարանի ու Քիլիսի նախակրթարաններուն մէջ։ Դեռահասակ Յակոբ` երաժշտութեան տաղանդ ցոյց կու տայ փոքր տարիքին, եւ իր աւագ եղբայրը, Գէորգ Նալպանտեան, երաժշտագէտ եւ Եթոպիոյ կայսերական նուագախումբին վարիչը, կը քաջալերէ ու կը մարզէ իր կրտսեր Եղբայրը։ Իր արուեստը կատարելագործելով` Յակոբ յայտնի ջութակահար մը կը դառնայ եւ Հալէպի մէջ նուագահանդէսներ կը սարքէ ու իր նուագախումբով կը քաջալերէ դպրոցական ու ազգային հանդիսութիւնները։

Աղբիւր[Խմբագրել | Խմբագրել աղբիւրը]

Պատմութիւն Այնթէպի Հայոց, Բ. հատոր