Հուան Նազարեան

Հուան Նազարեան, Այնթապցի դաշնակահար

Կենսագրութիւն[Խմբագրել | Խմբագրել աղբիւրը]

Հուան, բուն անունով Գրիգոր, ծնած է Այնթապ, իր երաժշտական ուսումը ստացած է Նիու Եորքի մէջ։ Ուսանողական մրցանակ շահելով ան իր ուսումը շարունակած է Մէնէս Սքուլի, ապա Ճուլիարտ դպրոցին մէջ։

1935-ին Ֆրանսայի «Ֆօնթէնպլօ» երաժշտանոցէն շրջանաւարտ կը դառնայ, որմէ ետք ան կը մնայ Փարիզ, ուսանելու համար «Ֆիլիփ ու Գասատէսուս» անուանի վարպետներուն մօտ մինչեւ երկրորդ համաշխարհային պատերազմի սկիզբը։ Միացեալ նահանգներ վերադառնալով, ան «Հարթֆրտ Ինսթիթիւթ աֆ Միւզիք»-ի դաշնամուրի բաժինին գլխաւոր պաշտօնը կը վարէ։

1928-ին, սպանական կառավարութիւնը իրեն կենսաթոշակ կը յատկացնէ սպանական երգն ու պարը ուսանելու համար։ 1949-ին, ան կ'ուսուցանէ «Սիմզպէրի Գընէթիքէթ»-ի մասնաւոր «Էթէլ Ուոքըր» աղջկանց վարժարանին մէջ։ Ան իր տիկնոջ հետ, որ մասնագէտ ջութակարուհի մըն է, կը հաստատեն իրենց սեփական երաժշտական վարժարանը, Սիմզպէրի, Գընէթիքէթի մէջ։

Տէր եւ Տիկին միեւնոյն ատեն կը պաշտօնավարեն եկեղեցիներու մէջ, «Հուան Սէյնթ Մէյրի» եկեղեցին մէջ երգեհոն նուագելով եւ «Էթհըլ Մէթոտիսթ» եկեղեցիին մէջ։

Տէր եւ Տիկին երաժիշտները կը հաստատեն «Նազարեան Թրիօ» անունով երաժշտական խումբ մը, որ հանդէս կու գայ «Նիւրօ-Սայքիէթրիք» հիւանդանոցներուն մէջ նուագելով։

Աղբիւր[Խմբագրել | Խմբագրել աղբիւրը]

Պատմութիւն Այնթէպի Հայոց, Բ․ հատոր