Կաղապար:Արդեօք Գիտէ՞ք

«Նամուս» ժապաւէնէն պատկեր մը
  • ․․․ որ 1925-1926 թուականներուն, Համօ Բեկնազարեանի բեմագրութեամբ ստեղծուեցաւ հայկական առաջին գեղարուեստական ժապաւէնը` «Նամուս»ը:
  • ․․․ որ Արեգակին լոյսը Երկիր կը հասնի 8 վայրկեանէն։
  • ․․․ որ 2 Փետրուարը, «Արջամուկի օր» է։ Այս ամերիկեան եւ քանատական աւանդութիւնը, ըստ վկայութիւններու, գերմանական ծագում ունի։ Կը համարուի, որ այդ օր արջամուկը իր ձմեռնաքունէն դուրս կու գայ եւ, եթէ իր շուքը տեսնէ՝ կը վերադառնայ իր քունը շարունակելու վեց շաբաթ եւս, այլապէս կը նշանակէ որ՝ ձմրան վերջը հասած է։
  • ․․․ որ աշխարհի օդային առաջին նամակաբաշխումը տեղի ունեցած է Ք.Ե. 975 թուականին, երբ 600 աղաւնիներ հետերնին փոխադրած են պզտիկ մետաքսեայ տոպրակի մը մէջ կեռաս մը` Լիբանանէն Եգիպտոս: